Приветствую Вас, Гость Արեգակ, 01.12.2024, 14:09
RSS

ՄՈՒՏՔ

Մենյու

...Նյութեր
Գ. Նժդեհ [44]
Ցեղակրօն
Հայկ Ասատրյան [19]
Տարոնականություն
Ուխտագիրք Արորդյաց [57]
Արորդիների Ուխտ
Մշակույթ [22]
ՀԱՅԵՐԸ [47]
հոդվածներ, տեսանյութեր
Պարույր Սևակ [17]
Բանաստեղծություններ
A.S.A.L.A Հ.Ա.Հ.Գ.Բ. [12]
Ուխտ Արարատի
Սասնա Ծռեր [6]
Մեր Սրբազան Էպօսը
Ազգային Ապրանքանիշ [1]
օգտակար կայքեր [2]
Կուր-Արաքս Միջագետք [2]
Ջավախք [4]
Գրադարան [12]
էլեկտրոնային գրքեր
Հայագիտություն-Հայոց պատմություն [8]
Հայագիտություն-Հայոց պատմություն
Գեղամա Աշխարհ- Գեղարքունիք [1]
Գեղամա Աշխարհ- Գեղարքունիք

Տեսանյութեր

ՁԵՐ ԳՈՎԱԶԴՆ ԱՅՍՏԵՂ

Օրացույց
«  Նոյ 2011  »
ԼուսինՀրատՓայլածուԼուսնթագԱրուսյակԵրևակԱրեգակ
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
282930

Գրառումների արխիվ

Հարցումներ
Оцените мой сайт
Всего ответов: 344

People Group

Ստատիստիկա

այս պահին կայքում էն 1
հյուր 1
գրանցված 0

  
Главная » 2011 » Նոյ » 29 » ՏԱՐՕՆԱԿԱՆ ԱՇԽԱՐՀԱՅԵՑՈՂՈՒԹԻՒՆ
21:32
ՏԱՐՕՆԱԿԱՆ ԱՇԽԱՐՀԱՅԵՑՈՂՈՒԹԻՒՆ
ՏԱՐՕՆԱԿԱՆ ԱՇԽԱՐՀԱՅԵՑՈՂՈՒԹԻՒՆ

    Տարօնականութիւնը հիմնելով մենք ուզեցինք բարոյական եւ հոգեւոր վերանորոգումի հետ` կառուցւած տեսնել հայկական աշխարհայեցողութիւն, ազգային ընդհանուր դաւանանք: 
 Այդպիսի դաւանանք չունի մեր ժամանակների հայութիւնը: Եկեղեցու աստւածաբանական կենսահայեցողութիւնը հանրապարտադիր չէ այլեւս - կան յարանւանութիւններ, կայ նաեւ կեանքի պատմական զարգացումը, որ վաղուց ի վեր խախտած է ո՛չ միայն «հանդերձեալ»-ի հաւատը, այլեւ քրիստոնէական զգացումը` ընդհանրապէս: Ահա՛ Անգլիոյ եւ Ամերիկայի մէջ ծայր տւած «բարոյական վերազինման» շարժումը, որ ճիգ է վերականգնելու քրիստոնէական բարոյականը, որով` խոստովանութիւն, թէ տկարացած է մարդոց կրօնական զգացումը: Հայոց քրիստոնէութիւնը ժամանակ մը նոյնացաւ ազգային սկզբունքին - «հայ-քրիստոնեայ»: Բարձր, շա՛տ բարձր ըմբռնում մըն էր այդ` կեանքի բովանդակութեան մասին - մէկը հայոց պատմութեան ամենակենսիմաստ յղացումներէն, գործ առաւելապէս Մամիկոնեաններու, որոնց մէջ հայկականութիւնը յանգած էր բնազանցումի եւ աստւածայինը մարմին ստացած էր: 
    Առանց էաբանական խորքի իմաստ չունի մարդկային կեանքը: Ո՛ւր էութեան բարձր զգացում կայ, այնտեղ կայ գոյութիւնը բնազանցելու, այսինքն` աստւածայինով լեցնելու պահանջ: Ատով էր, որ Մամիկոնեանները ճշմարիտ աստւածապաշտութիւն, անգերազանցելի հայրենասիրութիւն եւ միաժամանակ մեծ հերոսական ստեղծեցին: Քաջ կրնան ըլլալ շատերը, բայց հերոսական կը ստեղծէ միայն նա, ո՛վ իր տքնութեան ու գործի, կեանքի ու մահւան խորհուրդի մէջ կը տեսնէ Աստուծոյ կամքի արտայայտութիւնը: Հերոսը մի՛շտ ալ Աստուծոյ խօսքի առաքեալն է եւ յաւիտենականութեան բանաստեղծը: Ղեւոնդ Երէցը Աստուծոյ հետ կը խօսէր եւ Եղիշէն Մամիկոնեան մարդու հերոսականի իմաստը կը տեսնէր «իմացեալ» մահւան մէջ: Աստուծոյ հետ խօսո՛ղը միայն կրնայ «իմացեալ մահ» ունենալ եւ նմանը միայն ընդունակ է երկրի վրայ անմահ գործեր երկնել: 
    Ստեղծագործ են այն ազգերը, որոնց էաբանական խորքը որդեգրած գաղափարներու եւ հասարակական կազմակերպութեան ձեւի միջեւ հակասութիւններ չկան:
    Նա` ո՛վ սուրը Աստուծոյ անունով եւ Հայրենիքի համար` չէր վերցներ, կրնար ծագումով Մամիկոնեան ըլլալ, բայց բարոյապէս երբե՛ք պատկանիլ այդ ընտանիքին: 
    Մամիկոնեանը նախ եւ առաջ աշխարհայեցողութեան մարդ է: Ատոր համար ալ անոր գործունէութեան մէջ կայ բարոյական հետեւողականութիւն: Մամիկոնեանի մօտ դուք չէք տեսներ գաղափարաբանական պատեհապաշտութիւն: Մետաղեայ կուռ համոզումներու տէր էակ է նա եւ անոր բոլոր կառուցումները դրւած են բարոյական ժայռի վրայ: 
    Դարձէ՛ք դէպի օրւայ մեր իրականութիւնը եւ դուք պիտի տեսնէք խարխափումներ եւ հակասութիւններ: Միեւնոյն կազմակերպութիւնը իր շարժումը կը սկսի Հայաստանի անկախութեան նշանաբանով, իր գաղափարաբանութիւնը կը հիմնաւորէ մարքսական նիւթապաշտական վարդապետութեամբ, կը կռւի հայ ազգի փրկութեան համար, կը քարոզէ համերաշխութիւն իր ժողովուրդը ճնշող եւ խոշտանգող թուրք տարրի հետ, ցոյցեր կ’ընէ յոյսը դնելով եւրոպական պետութիւններու միջամտութեան վրայ, կը միանայ այս պետութիւններու կառոյցին սպառնացող Եւրոպայի ընկերվարական կազմակերպութիւններուն եւ օր մըն ալ ներկայ Խ. Հայաստանը կը դաւանի «ազատ», «անկախ», «երջանիկ» հայրենիք եւ Հայկական Դատը` լուծւած: 
    Այս խարխափումները եւ հակասութիւնները յատուկ չեն միայն հնչակեաններուն: Առհասարակ հայութիւնը զուրկ է քաղաքական նպատակի եւ գաղափարական համոզումներու կայունութենէ, հետեւողականութենէ: Նոյն անձը մէկ երեսով կը ներկայանայ ցեղապաշտ, միւսով` ընկերվարական, մէկով` իդէալիստ, միւսով` մատերիալիստ, մէկով` Մեծ Հայաստան երազող, միւսով` կովկասեան կոնֆետերացիայի մէջ միակ ելքը տեսնող, ընկերային երեսով` թշնամի բոլշեւիզմին, քաղաքականով` բարեկամ: Այս քաոսի պատճառով ստեղծւած է օրւայ անվճռական հայը: Բարոյական անկայունութիւնը կը ստեղծէ մտածումի ցրւածութիւն, երկրորդը` նպատակի անորոշութիւն, իսկ վերջինը` ճիգի, գործունէութեան աննպատակութիւն: 
    Մտածումի ցրւածութեան անմիջական արդիւնքներէն մէկն է նաեւ «ես»-ի ներքին պառակտումը, ինչպէս եւ հասարակական կամքի բեկորացումը եւ հատւածապաշտութիւնը: Օրւայ հայ կեանքի պառակտումները հետեւանք են ազգային ընդհանրարժէք եւ հանրապարտադիր աշխարհայեցողութեան չգոյութեան: Բաւական չէ միութիւն քարոզել, պէտք է գտնել կառուցողական նիւթերը, միջոցները - հոգեւոր զէնքերը: Միութիւնը կը կառուցւի: Կը կառուցւին բոլոր ճշմարտութիւնները: Ճշմարտութիւնը հնարաւոր է, երբ գոյիմաստ խօսքի մը շուրջ կը հիւսւին շարք մը աններհակասելի դատողութիւններ: Միութիւնը կը կառուցւի, երբ կայ հանրապարտադիր նպատակը, նաեւ բարոյական բռունցքը, որ ձգողական իր կարողականութիւնը կը ստանայ էաբանական խորքէ մը: Երէկ եկեղեցին միացուցիչ ոյժ էր, որովհետեւ զօրաւոր էր հայ մարդու կրօնական զգացումը: Որո՞նք են օրւայ հայի տիրական զգացումները: Ինչի՞ շուրջ կարելի է կեդրոնացնել հայութիւնը:
    Նախ` Հայ մտավորականությունը չունի գիտական պատրաստություն (արժանավորները թող ներեն մեզ) — ընդունակ չէ մետաֆիզիկական խոսքով — պատմա-իմաստասիրօրեն հիմնավորված հայկական աշխարհայեցողականություն ստեղծել:Մեր քաղաքական կազմակերպութեանց ծրագիրները օտար ճշմարտութեանց թարգմանական խառնարաններ են:: Այդտեղ կան հայկական նշանաբաններ, բայց ո՛չ հայկական գաղափարախօսութիւն: Բոլորը կը սկսին «մարդկութիւն», «մարդկային» բառերով եւ հայ զանգւածի փրկութիւնը կը տեսնեն ընկերային բարենորոգումներու մէջ: Այդ ընկերային պահանջները չեն բղխիր Հայաստանի առաւելապէս երկրագործական նկարագիրէն, այլ` Եւրոպայի բանւորական դասակարգի պայմաններէն: Փոխւած են Հայաստանի ազգագրական պատկերը, քաղաքական վիճակը, անգամ Եւրոպայի պայմանները, բայց եւ այնպէս մենք կառչած կը մնանք հին «դասակարգային» մտածումին: 
    Անստեղծագործ է այդ մտածումը եւ իր բնոյթով` զանգւածը պառակտող: Դասակարգային վարդապետութիւնը կը ստեղծէ «ընկերային շահակիցներ», բայց ո՚չ ճակատագրի եղբայրներ: «Դասակարգ»-ը կը նախատեսէ շահակիցներու միութիւն, որ իր խորքին մէջ համազօր է ազգային օրգանիզմի ընկերային մասնատումին: Մի՛ ըսեր «հայ աշխատաւորութիւն», «հայ քաղքենիութիւն», «հայ աւատատէր», «հայ կղեր», ազգը մի՛ պատկերեր ներքուստ պառակտւած, այլ ըսէ` «յաւիտենական հայկականութիւն», «հայութիւն»: Ամբողջականութեան զգացո՛ւմը միայն կրնայ քեզ մղել օրգանական միութեան գիտակցութեան պահանջին: Քանի դեռ հատւածապաշտ ես` կեղծ են բոլոր քո քարոզները` միութեան մասին: Քանի դեռ ներքուստ միազգաց, ընկերօրէն ամբողջազգաց չես` ունայն են եւ ինքնախաբեութիւն քաղաքական քո բոլոր գործերը: Միութիւնը կը ստեղծւի ո՛չ թէ կողմերու, հատւածներու սակարկութիւններով, այլ ընդհանուր նպատակի մը, արժեքի մը ենթարկւելու բացարձակ կամքով: Ո՛ւր հատւածներ, դասակարգեր կան` այնտեղ չկայ նպատակի, արժէքի ընդհանրութիւն, ուստի եւ` ճշմարտօրէն հայրենանպատակ քաղաքականութիւն, որովհետեւ սա, ամէն բանէ առաջ, ընդհանրական ապագայի մտահոգութիւն է: Մենք չգիտենք` ընկերային ի՞նչ դիրք, բախտ, ճակատագիր կ’ունենան մեր որդիները եւ ասոնց յետնորդները, բայց մենք գիտենք, որ անոնք հայասերունդ են եւ կ’ուզենք, որ բոլոր պարագաներուն անոնք մնան այդպիսին - հա՛յ: Ընկերային վիճակը, դիրքը անցաւոր են, կա՛յ միայն ոգիի եւ արիւնի յավիտենականութիւն: Եւ կենսաբանօրէն առողջը ա՛յն ժողովուրդն է, որ արթուն բնազդ ունի իր տեսակի յաւերժացման համար: «Տեսակ» հասկացողութիւնը կենսաբանական է եւ ո՛չ ընկերային: Այդ կը նշանակէ` կենսաբանական որակները` ոգին, արիւնը, կրնան կազմել գոյիմաստ աշխարհայեցողութեան մը հիմքը եւ ո՛չ թէ պատմական կամ ընկերային որեւէ մտածում, գաղափար, բովանդակութիւն կամ ձեւ: Այդ կը նշանակէ նոյնպէս, որ առողջ, ուստի եւ` պատմաստեղծ է ազգային, քաղաքական, հասարակական ա՛յն կազմակերպութիւնը, որ իր կենսազգացութիւնը, բարոյական հրամայականը, նպատակադրութիւնը, գաղափարախօսութիւնը, ճշմարտութիւնները, համոզումները, տեսիլքները եւ գործելու կամքն ու մեթոդը կը ստանայ իրեն հարազատ էաբանական խորքէն` ցեղէն: 
    Որեւէ աշխարհայեցողութիւն պիտի ունենայ իր բնազանցական խորքը: Առանց վերացումի չկայ ընդհանուր դատողութիւն, առանց վերջինի` ընդհանրապարփակ ճշմարտութիւն: Աշխարհայեցողութիւնը նախ եւ առաջ այդպիսի ճշմարտութիւն մըն է: Մենք ընդհանրացումի, վերացումի կ’ենթարկենք նիւթական երեւոյթները եւ «նիւթ» ընդհանուր հասկացողութեամբ կը յօրինենք «մատերիալիստական» աշխարհայեցողութիւնը: Հոգեւոր որակներու բացարձակումով մենք կը հիմնաւորենք «իդէալիստական» (աւելի ճիշդը` «սպիրիտուալիստական») աշխարհայեցողութիւնը: Ասոնցմէ մէկը «քանակական» ըմբռնում է, միւսը` «որակական» - նիւթ եւ ոգի: Ասոնց զուգադրութեան կամ հակադրութեան ըմբռնումով` մենք կը յօրինենք «դուալիստական» աշխարհայեցողութիւնը: 

* * *

    Ցեղի մէջ մենք կը հանդիպինք երկու այդ գոյարմատներու կենսաբանական ներդաշնակութեան: Ժառանգականութեան օրէնքով մենք այդտեղ կը հաստադրենք նաեւ ոգու եւ նիւթի (արեան) անսպառելիութիւն: Այս անսպառելիութիւնը ապացոյց է, որ ցեղը էաբանական խորք է: Անկէ կը բղխին ազգութիւնը, որ առաւելապէս որակային` մշակութային-ոգեկան ըմբռնում է եւ ժողովուրդը, որ առաւելապէս քանակական, կենսաբանական գումարի, հաւաքի հասկացողութիւն է: Ասով պիտի բացատրել այն երեւոյթը, որ խառնւածքով իդէալիստ մարդը սովորաբար ազգայնական է, մինչ մատերիալիստը` ընկերապաշտ է, ժողովրդական, դասակարգազգաց: Ազգայնականի համար խանդի եւ իմաստութեան աղբիւրը ոգու հերոսագործութիւններու պատմութիւնն է, ժողովրդականը` կեանքի մեծագոյն արժէքը կը տեսնէ ներկան շահագրգռող ընկերային գաղափարներու մէջ: 

* * *

    Մինչեւ տարօնականութիւնը` հայ մարդը շա՛տ քիչ անգամ առիթ ունեցած է զբաղւիլ իր կեանքի էաբանական հարցերով: Նա ապրած ու գործած է օտար ճշմարտութիւններով, յարատեւօրէն ենթակայ զգացումի եւ բանականութեան ներքին հակասութեան: Ո՛ւր չկայ էաբանական խորքի եւ որդեգրւած բանական համոզումներու հարազատութիւն եւ ներդաշնակութիւն` այնտեղ չկայ կամքի նպատակաիմաստ ուղղութիւն, որով եւ` պատմաստեղծ ճիգ ու գործունէութիւն: 
    Հին հայերն ունէին իրենց դուալիստական աշխարհայեցողութիւնը (շեշտը դրւած ոգեկան կողմի վրայ): Քրիստոնէական մոնոֆիզիստական (միաբնութենական) դաւանանքը երկրէն կտրելու աստիճան «ոգիացուց» հայ մտածումը: Այստեղ` գլխաւոր պատճառը, որ մե՛նք եղանք քրիստոնէութեան համար ամենէն շատ արիւն թափողը, բայց գործնականապէս անկէ ամենէն քիչ օգտւողը: Նոր ժամանակներուն` Դաշնակցութիւնը գնաց իդէալիստական գծով (թէպէտեւ ծրագրի մէջ խօսքեր կան դուալիզմի եւ համադրական մոնիզմի մասին), հնչակեանները` մատերիալիստական (թէպէտեւ գործունէութիւնը վիպապաշտական էր), բոլշեւիկները տեսութեամբ ու գործով` մատերիալիստական: Մատերիալիստական ուղղութիւնը օտարամուտ է եւ հակասութեան մէջ` հայկական էութեան հետ: Այստեղ պատճառը հնչակեաններու վաղաժամ քայքայումին եւ ա՛յն փաստին, որ բոլշեւիզմը չի հարազատւիր հայ զանգւածի` մասնաւորապէս ցեղօրէն արթուն տարրի կողմէ: 
    Գաղափարախօսական մեր բոլոր խարխափանքները, քաղաքական սխալները, կազմակերպական թերիները պայմանաւորւեցան անով, որ մենք չունեցանք հայկականօրէն հիմնաւորւած աշխարհայեցողութիւն: Անծանօթ մեր էաբանական խորքին - ցեղին` իմաստութիւնը եւ ուղղութիւնը չառինք հայոց անցեալը վարող ոյժերէն, այլ` Եւրոպայի ներկան խռովող ընկերային հոսանքներէն: Այդ հոսանքները սնանկացան Եւրոպայի մէջ, իսկ մենք կորսնցուցինք նաեւ Հայրենիքի եւ ժողովուրդի մեծ մասը եւ ասոր հետ` կամքի եւ մտքի կեդրոնացման ընդունակութիւնը: Բայց կառչած մտաւոր հին նախապաշարումներու, մենք կը շարունակենք մնալ բազմագաղափար, բազմանպատակ, բազմուղի, ուստի` հատւածամոլ, ցրւողական եւ քաղաքականապէս` անստեղծագործ: 
    Բոլոր պատմակառուցումներու առաջին պայմանը հոգեկան ոյժերու կեդրոնացումն է եւ ամբողջականութեան զգացումը: Մէկը ճակատագրական քայլերէն դէպի ոգեկան կեդրոնացումը եւ ուժաստեղծումը` նոր աշխարհայեցողութեան կառուցումն է: Քանի դեռ պակասաւոր էր հասկացողութիւնը կենսաբանութեան մասին` մարդիկ կը խօսէին «բացարձակ»-ներէն: Այդ տիեզերապաշտութիւնը մեր ճակատագիրը կը ստորադասէր գերբնականին, ընդհանուրին: Գերբնականը անկենսաբանական յաւիտենականութիւնն էր եւ ընդհանուրը` մարդկութիւնը: Յաւիտենականը կ’ապրւէր որպէս նախախնամութիւն, կամք տիեզերական մեքենականութիւն յինքեան, իսկ մարդկութիւնը` որպէս վերացական գաղափար: Էապէս սա համազօր էր բնական կապի խզումին` կենդանի մարդու եւ Աստուծոյ, անհատական անցաւորութեան եւ տեսակի յաւիտենականութեան միջեւ: Մարդու կրօնական զգացումի աղարտման գլխաւոր պատճառներէն մէկը «մարդկութիւն», «մարդկային» վերացական հասկացողութիւնները կուռք դարձնելն էր: Այս է պատճառը այն իրողութեան, որ աշխարհաքաղաքացիական բոլոր ոգորումները, ի վերջոյ, կը յանգին անկրօնութեան: 
    Մենք մատնանշեցինք մեր նոր աշխարհայեցողութեան էաբանական խորքը - ցեղը: Որպէս կենսաբանական ըմբռնում` դա կը նախատեսէ բնական կապ մարդու եւ յաւիտենականութեան միջեւ: Ոգիի գծով` դա մեզ կ’առաջնորդէ դէպի աստւածայինի կենդանի զգացումը, արիւնի գծով` դէպի կեանքի յաւիտենականութեան զգացումը: Ո՛ւր յաւիտենականութեան առողջ զգացում կայ, այնտեղ ներկայ է Աստուծոյ կամքը: Իր խորքին մէջ, ցեղը Աստուծոյ կամքի արտայայտութիւն է: Դա նաեւ օրգանական միութիւն է ոգիի եւ նիւթի, որով` բնօրէն համադիր աշխարհայեցողութեան խարիսխ: 
    Ցեղն է միայն ընդունակ դնել յաւիտենական, սրբազան եւ զօրութենաւոր նպատակ: Ցեղի յաւիտենական խնդիրը Հայրենիքն է: Ցեղի համար դա ո՛չ թէ շահագործելի հող է եւ աւելի լաւ ապրելու միջոց, այլ` էութեան պահանջ: Հայրենիք տենչալով, մենք աւելի կ’ուզենք Մասիսի ճակատը տեսնել, քան Արարատեան դաշտի մէջ բամպակ մշակել: Մեր նախահայրերու սրբաստանները եւ գերեզմանները ձգողական աւելի մեծ խորհուրդ ունին, քան Մշոյ, Կարնոյ կամ Վանայ շուկաները:
Տարբեր են ցեղի եւ ժողովուրդի բարոյական բովանդակութիւնները: Ժողովուրդը մի՛շտ ալ առօրեայի մտահոգութիւն է, ցեղը` էութեան տանջանք: Տանջանքով շաղախւած նպատակը միայն կրնայ շարժման մէջ դնել մեր ողջ էութիւնը: Դաւանելով ցեղային աշխարհայեցողութիւն, մենք մեզ ամբողջացած պիտի զգանք` որպէս ներքին մարդ եւ ընկերութեան անդամ: Ներքին ամբողջականութեան զգացումը ինքնին ոյժերու կրկնապատկում է անհատի մէջ եւ հասարակական ներդաշնակութեան, ազգային օրգանական միութեան պահանջ: 
    Ցեղի առաջին հրամայականն է` հայրենատիրութի՛ւն: Այդ կամքով վերցո՛ւր սուր, գրիչ, բահ, ինչ որ կրնաս: Բոլոր պարագաներուն դու նպատակի զինւոր ես եւ ճակատագրի եղբայր անոնցմէ ամէն մէկուն, որոնք տքնած են, կը տքնին ու պիտի տքնին յաւիտենական Հայաստանի համար: 
    Այդպէս գործելով` դու քո մէջ պիտի զգաս ներկայութիւնը Մամիկոնեան հայու: Դա արդէն բարոյական սպառազինութիւն է եւ յաղթանակի ապահովութիւն:

«Տարօնի Արծիւ», 1939թ., թիվ 11
Категория: Հայկ Ասատրյան | Просмотров: 549 | Добавил: PanArmenizm | Рейтинг: 0.0/0
Всего комментариев: 0
Имя *:
Email *:
Код *:
Конструктор сайтов - uCoz
Copyright MyCorp © 2024