ԱՌԱՋՆՈՐԴՈՂ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆ (հատված խմբագրականից)
Մի՞թէ ոգիներու անապատի մէջ կը քարոզենք մենք: Ենթադրենք, թէ այդպէս է: Բայց վտանգւած ժողովուրդի մը համար ի՞նչն է աւելի ներկայայորդոր, քան արթնութեան կանչը` պատմութեան հազարամեակներու ձայնով: Նարեկացին կողբերգէր. «Ձայն կու տան եւ չեմ արթննար, փող կը հնչեն եւ կռւի չեմ պատրաստւիր»: Այդպէս չէ՞ օրւայ հայութիւնը: Այդ չէ՞ մեր նւաստաշունչ ներկայի եւ անլոյս ապագայի, մեր պատմական զգացումի աղօտման եւ հոգեւոր նահանջողականութեան պատճառը: Ամօթանքի ողբերգութի՞ւն, թէ անկումի երանութիւն - ո՞րն է ապրող հայ սերունդի ճակատագիրը: Քնախտաւորներու համար խռովարարներ ենք մենք - կը խռովենք անապատի մը մեռելային երջանկութիւնը: Վե՞րջը: Իրերու վերջը ենթակայ է վերանորոգումի տիրապետութեան: Ո՛չ մէկ դրութիւն առանց ընդդիմութեան տեղ կու տայ ուրիշ դրութեան մը, բայց ճակատագիրը դրութիւնների հոլովոյթ մըն է: Ոգիի խռովքները, ի վերջոյ, կը վերածւին հասարակական ոյժի: Չկայ «ձայն բարբառոյ յանապատի», եթէ խօսքը օծւած է տառապանքի սրբութեամբ: «Յիւրսն եկն եւ իւրքն ո՛չ ընկալան»-ը մեծ ողբերգութիւն է, բայց խորքոտ ու խռովքոտ ամէն ողբերգութիւն ունի իր տրամասութիւնը, իր դիալեկտիկան: Ծուռ է յաւիտենականութեան ճանապարհը եւ ոգիի զարգացումը տեղի կունենայ հակասութեանց ոյժով: Մեծ ճշմարտութիւնները հետեւանք են մեծ տագնապներու եւ կեանքի արժէքաւոր բոլոր գործերը, պատմութեան ուղեգիծը որոշող բոլոր շարժումները առաջ կու գան որեւէ դատարկութիւն բովանդակութեամբ մը լեցնելու ծարաւէն: Պատմական իմացութեան տեսակէտով դատարկ էր մեր իրականութիւնը - բայց ահա՜ տարօնականութիւնը: Կարճաշունչ էինք մեր ոգորումների մէջ - ահա՜ Մամիկոնեաններու «մեռնելու կամքի» ստեղծագործ բարոյականը: Միայն վերացական «հանդերձեալ»-ով կը մխիթարւէինք - ահա՜ ցեղային յաւիտենականի կենսաբանական զգացումը: Անթիւ կիսանպատակներու կը ծառայէինք - ահա՜ Ցեղը որպէս լիագումար նպատակ: Փրկութիւնը իրերու երազային դասաւորումէն կակնկալէինք - ահա՜ հոգեգիտական ճշմարտութիւնը, թէ ճակատագրիդ միակ առեղծւածը դու ես: Լուսաւորչի կրօնը կը դաւանիս, Մեսրոպի գրով կը լուսաւորւիս, Հայրենիքի մասին մտածելու պահուն Վարդանը կոգեկոչես, Խորենացիէն, Եղիշէէն կը ստանաս հայկականութեանդ ներշնչումները եւ չես ըմբռներ տարօնականութիւնը: Տգէտ չես դու, այլ` բարոյապէս պակասաւոր: Տարօնական քո գիտակցութեան եւ զգացումի աղօտումն է պատմական դժբախտութիւններուդ բուն պատճառը: Խաբւած ես - մի՛ արդարացիր մեղադրելով ռուսը, անգլիացին, գերմանացին, ֆրանսացին, անգամ թուրքը: Խաբւած ես, որովհետեւ անծանօթ էիր քո էութեան: «Ծանի՛ր զքեզ» եւ պիտի տեսնես, թէ որքան հեշտ է բարոյապէս վերանորոգւիլ իբրեւ տարօնական հայ: Հարազատէ՛ «մեռնելու կամք»-ի բարոյականը եւ քաղցրութեան հետ` դու պիտի զգաս թեթեւութիւնը յաղթանակի:
* * *
Անապատի մէջ կը քարոզենք եւ մեր խօսքերն ունին բնազանցական շեշտ: Բոլոր մեծ ճշմարտութիւնները յղութիւն կը ստանան անապատի զգացումէն եւ գործնական կեանքի ամբողջ հիմքը աշխարհի բնազանցական ոյժերու մէջ է: Չկա՛յ աւելի մեծ թովչանք, քան յաւիտենականութիւնը, եւ աւելի ազդու խօսք, քան հազարամեակներու ձայնը: Մամիկոնեաններու մեծագործութեան գաղտնիքը ա՛յն բանի մէջ էր, որ յաւիտենականութեան զգացումը անբաժան էր իրենց խղճմտանքէն: Այս զգացումով կարելի է միայն աշխատիլ սեփական անձի առաքինութեան վրայ եւ Աստուծոյ համար: Այսպէս աշխատողնե՛րը միայն կրնան Հայրենիք յաւիտենագործել: Կտրւած է յաւիտենականութեան թելը եւ հատւածականացած տարագրութիւնը կը մոխրանայ իր մանր նպատակներու հետ: Տարօնականութիւնը մեծ այդ տագնապէն եւ մեր ցեղի բոլոր դարերու ցաւի ու կարօտի զօրութենականութենէն յղութիւն ստացած առաջնորդող ճշմարտութիւն է: Մեր եսի խորագոյն էութեան մէջ մենք հող չենք, որ հող դառնանք, այլ` ոգի, որ ոգի մնանք: Տարօնականութիւնը պատմական ոգիի ուսմունք է, միաժամանակ, ցեղագումար հայկականութեան շարժում: Որպէս մեր ցեղի յաւիտենականը արտայայտող կորով, դա նաեւ երկրի վրայ անմահ գործեր երկնելու բաղձանք է, որով` ազատագրական կամք: Ոգիներու անապատի մէ՞ջ ենք դեռ - բայց չկայ հոգեվիճակի քարացում, չկայ պարտւողական գոհունակութեան լճացում: Ինչ որ այսօր կապրինք` յիշողական սարսափներու նախապաշարում է: Փաստօրէն, մենք կանգնած ենք ճակատագրական անկիւնադարձի մը առջեւ: Յեղաշրջւող ոգին կընթանայ իրերու հոլովագործումի գծով: Տարօնականութիւնը անապատի մէջ հասունացած խօսք է: Ո՛վ գիտէ նման խօսքի դիալեկտիկան` գիտէ կեանքի զարգացման օրէնքը: Մարդիկ կրնան շեղիլ օրէնքէն, բայց կեանքը` երբե՛ք յաւիտենականի գծէն: Կայ յաւիտենական դարձի օրէնքը, իրերը կը մղւին դէպի հոն, ուր է իրենց էութեան ծանրութեան կեդրոնը: Ո՛ր կողմէն ալ որ վերցնենք հայոց պատմութիւնը` մեր ուշադրութիւնը կը գրաւեն տարօնական հայու մեծագործութիւնները: Պատահականութիւն չէ սա, այլ` կեանքի խորհուրդ: Ապագան անոնց է, որոնք կը գործեն խորհուրդներու ոյժով: Դժւարութիւններ կան մեր առջեւ, բայց մեզ հետ է ժամանակի ոգին: Պարտւած, պառակտւած, ներկայապաշտ եւ հաւատաթափ է օրւայ հայութիւնը, բայց նաեւ երբե՛ք մինչեւ իր էութեան խորագոյն անկիւնը այս աստիճան ողբերգօրէն ցնցւած: Նման ցնցումները կառաջադրեն վերանորոգումի պահանջ: Իսկ վերանորոգում կը նշանակէ` դա՛րձ դէպի կենսաբանական, ոգեկան եւ բարոյական ա՛յն ոյժերը, որոնք պատմական վաւերականութիւն ունին: «Տարօնի Արծիւ», 1939թ., թիվ 10
|